Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին
Մէջ
Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, Հայ կաթողիկէ
պատրիարքարանի «Արարատեան» սրահին մէջ կիրակի, 21 ապրիլի (երէկ) երեկոյեան ժամը 8-ին
տեղի ունեցաւ Մեծ եղեռնի 98-րդ տարելիցի յիշատակութեան հսկումը: Ներկայ էին Հայաստանի
Հանրապետութեան դեսպանը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի
ներկայացուցիչներ եւ պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար
հոգեւորականներ: Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց ՀԿՀՄ-էն Լիւսի Տէօքմեճեան: Երիտասարդի
կամքով խօսեցաւ ան եւ ըսաւ. «98 տարիներ եւ 2 քայլ հեռու ենք այդ դժոխային դէպքերու 100-ամեակէն:
Ու մենք անընկճելի կամքով կը քալենք հատուցման պահանջատիրութեան ճամբէն` մերժելով թրքական
տարաբնոյթ խաբեբայութիւնները եւ դիւանագիտական նենգ նկրտումները»: Արաբերէն բացման խօսքը
արտասանեց Ռիթա Քուրումլեան, եւ շեշտեց յատկապէս, թէ հայկական հարցը միայն հայերուն չի
պատկանիր, այլ անիկա համայն մարդկութեան դատն է: Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր
մը. մանկապատանեկան «Բլբուլ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Մանուէլ Քէշիշեանի, շարք
մը հայերէն երգեր ներկայացուց եւ վերջաւորութեան քանի մը պարմանուհիներ պարեցին հայկական
պար մը: Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը նշուէին 1915-էն սկսեալ Մեծ եղեռնի յիշատակումին
հանգրուանները, համընթաց հայկական հարցի պատմական համառօտ ակնարկով` «փոսթ Ճենոսայտ թայմլայն»:
Տեսերիզը պատրաստուած էր «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին կողմէ: Օրուան պատգամը արտասանեց
հայերէնով՝ Միհրան Նաճարեան։ Ան շեշտեց հայու հաւատարմութիւնը իր արմատներուն, ապա ընդգծեց
«հաւատարմութեամբ զօրացած` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը եւ վերջապէս,
անտեղիտալի պայքարը ի խնդիր արդարութեան եւ մեր անտեսուած բայց անժամանցելի եւ անսակարկելի
իրաւունքներուն վերականգնումին»: Իսկ արաբերէնով Խօսք առաւ արհի. Ժորժ եպիսկոպոս Պագունի`
Սուր քաղաքի յոյն կաթողիկէ առաջնորդը, որ առաքելութիւն մը վարած է 2004-ին դէպի Հայաստան`
Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Իբրեւ եկեղեցի, ըսաւ Պագունի եպիսկոպոսը, մենք նախ մեծ կարեւորութիւն
պարտինք տալ այս նահատակութեան եւ հայոց վկայութեան. ան առաջարկեց կառուցել Ցեղասպանութեան
թանգարան մը Լիբանանի մէջ: Էլիզապէթ Խազում (արաբերէն) եւ Սագօ Հալլաճեան (հայերէն)
փակման խօսքեր արտասանեցին հուսկ բանքը արտասանեց Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ խօսքին
մէջ յիշեց քրիստոնեային հաւատքը եւ մարտիրոսներուն ու նահատակներուն տուած բարի օրինակը:
Ան իբրեւ գերագոյն օրինակ բերաւ Մեծ եղեռնի զոհերը, որոնք հաւատարիմ մնացին Աւետարանին
եւ թէ «ինչպէ՛ս հիանալի կերպով անոնք իրենց հաւատքը փաստեցին իրենց գերագոյն վկայութեամբ»:
Ապա ամենապատիւ հոգեւոր տէրը «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթքով ու «Հայր մեր»-ով փակեց հսկումի
պահը եւ օրհնեց մեծաթիւ ժողովուրդը: